Պան Քի Մուն` Փիլիպինեան կղզեախումի օգնութիւնները դանդաղ կ՛ընդանան։ Վիճակը չափազանց
ծանր է` իսկական կոտորած։
Փիլիպինեան կղզիները հարուածող Հայան մրրիկի յառաջացուցած վնսաները անսահման են, տնանկներու
թիւը օրէ օր կ՛աճի եւ օգնութիւնները դանդաղ կ՛ընթանան լարուածութիւն յառաջացնելով բնակչութեան
մէջ ու կողոպուտները յաճախակի դարձած են։
Մակի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունը
վիճակը որակած է որպէս ''իսկական կոտորած'' ։
Փիլիպինեան Լէյտէ կղզիի Թակլոբան
կոչուած քաղաքին մէջ միայն, Հայան հզօր մրրիկի պատճառած զոհերուն թիւը հասած է առնուազն
5 հազարի։ Ափին մօտ գտնուող Թակլոբան քաղաքը ամբողջովին կործանուած է, նոյեմբեր 8-ին,
Հայան մրրիկի յառաջացուցած 5 մեթր բարձրութեամբ ալիքներու հետեւանքով ։
Ճաբոնի
արտաքին գործոց նախարարը Ֆումիօ Կիսիդան, ուրբաթ 15 նոյեմբերին, տուած մամլոյ ասուլիսի
ընթացքին յայտարարած է, թէ իր երկիրը 40 միլիոն տոլար պիտի յատկացնէ հզօր մրրիկի հետեւանքով
կործանուած Փիլիպինեան կղզեախումբին որպէս օգնութիւն։